2015-07-24 11:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապ դէպի Քուպա` իր նախորդներուն հետքերու վրայ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապը` նախքան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները հասնիլը, դադար պիտի կատարէ Քուպա 19-22 Սեպտեմբեր 2015, հաղորդած է 11 Մայիսին, Քուպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը։

Իր նախորդին  Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի նման, Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ Mարեմեան ''El Cobre'' սրբավայրը, ուր կը մեծարուի եղբայրօգնութեան ս. Կոյսը` Կղզիին Պաշտպան Սրբուհին։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի այցելէ ապա '' La Havane'' մայրաքաղաքը ու ապա  պիտի ուղղուի Հարաւ-Արեւելք ''Holguin'' քաղաքը` Fidel Castro-ի ծննդավայրը։

Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը 1998-ին Քուպա կատարած պատմական այցելութեան ընթացքին պատարագ մատուցած է Սանթիակոյի մէջ ու պսակադրած է Ս. Կոյս Մարիամի արձանը յատուկէն աղօթելով որպէսզի Քուպայի ժողովուրդը դառնայ եղբայրներու ու քոյրերու ընտանիք մը, ու լայն բանայ իր սիրտն ու հոգին  Քրիստոսի։

Իսկ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը` Մարտ 2012-ին  եղբայրօգնութեան Ս. Կոյսին առջեւ յատուկէն աղօթած էր երկրի բանտարկեալներուն ու գերիներու սերունդներուն համար։

Առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի այցելէ Քուպայի Սանթիակօ քաղաքը, որմէ ապա պիտի ուղղուի դէպի ԱՄՆ։

Սրբազան Հօր այցելութիւնը Քուպա նշանակալից է, քանի Նորին Սրբութեան միջամտութեան շնորհիւ է որ կարելի եղաւ, 2014-ի աշնան, վերահաստատել դիւանագիտական  կապերը Քուպայի ու ԱՄՆի միջեւ։

Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ Քուպայի այցելութեան ընթացքին դատապարտած էր  1962-ին Կղզիի դէմ պարտադրուած շրջափակումը ու համայնավար կղզիի աստուածմերժումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.